2013-06-10 12:40:40

Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազիի Միջամտութիւնը ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնի մօտ` Մարդու Իրաւունքներու 23-րդ Նիստին` ''Խաղաղութեան Իրաւունքը'' Նիւթին Մասին։


Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մէջ, վերջերս մասնակցեցաւ ''Խաղաղութեան Իրաւունքը'' խորագիրը կրող` Մարդու Իրաւունքներու 23-րդ նիստի աշխատանքներուն։ Այս առթիւ իր կատարած զեկոյցին ընթացքին գերապայծառ Թոմազի ի մէջ այլոց ըսաւ.
Մարդու մեծագոյն իղձերէն մէկը եղած է խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւնը մարդկային ազգին կարեւորագոյն բարիքներէն մին է եւ շնորհիւ անոր մարդ արարածը կարող է իր կացութիւնը բարւոքել։
Ճշմարիտ խաղաղութիւնը, ըսաւ գերապայծառ Թոմազին, կ'առաջնորդէ անհատը դէպի ազատութիւն, արդարութիւն ու եղբայրակցութիւն։ Ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ Ժողովուրդները խաղաղութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքը ունին - հաստատաեց
Վատիկանի Դիւանագէտը - ու ապա ըսաւ.''պէտք չէ սահմանափակել խաղաղութիւնը միայան ''պատերազմի բացակայութեան'', որպէսզի ժխտական նշանակութիւն մը չունենայ։ Խաղաղութիւնը կը կերտուի ու կը հաստատուի շնորհիւ ընտանիքի, դպրոցի ու ընկերութեան ուսուցումի ու դաստիարակաութեան։
Առանց տնտեսական, քաղաքական, մշակութային ու հոգեւոր ամուր հիմերու խաղաղութիւնը կը դառնայ լոկ երազանքը պարզամիտ անհատներու։ Անոնք որոնք կը համարին հաստատել խաղաղութիւնը ոյժի եւ ոյժերու հաւասարութեան վրայ` կը սխալին։ Բաւարար է որ անոնք կարդան 20-րդ դարու պատմութիւնը ու մտաբերեն ներկայ ընդհարումները։
Պատերազմը ձախողութիւնն է մարդուն։ Պատերազմը, ընդգծեց գերապայծառ Թոմազի, ինքնախաբէութիւնն է անոր որ կը մտի պաշտպանել ու կերտել առողջ ընկերութիւնը ուրիշին պատճառելով աննկարագրելի տառապանք ու պատիժներ։ Ուրիշը քանդելով, մարդկութիւնը կը քանդենք։ Ոչ մէկ անհատ ընդհարումէն ու բռնութեան փորձառութենէն անվնաս դուրս կու գայ։ Խաղաղութեան հասնելու համար կը պահանջուի համբերութիւն, յարգանք ու համեստութիւն։ Միակ այս արժէքներով կարելի է կերտել ճշմարիտ մարդկայնական ընկերութիւններ։
Վատիկանի Դիւանագէտը հուսկ իր խնդակցութիւնը յայտնեց միջկառավարական խմբակի մը ստեղծումին համար որուն պարտականութիւնն է պաշտօնապէս սահմանել ու բնորոշել մարդու իրաւունքը խաղաղութեան։ Յույսով ենք որ այս աշխատանքը իր արդիւնքը պիտի տայ ու բոլոր երկիրներէն վաւերացուի։
Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազին իր միջամտութիւնը եզրափակեց հաստատելով որ խաղաղութեան կերտումին ու ամրապնդումին համար հարկաւոր է դաս քաղել պատմական ու ժամանակակից օրինակներէն։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ ''ոչ-բռնութիւնը'', որպէս գաղափարախօսութիւն ու մեթոտ, էր ու կը մնայ, ամենէն պատշաճ միջոցը մարդկային, ընկերային ու քաղաքական կապեր հաստատելու ի շահ հասարակաց բարիքին եւ մշտատեւ խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.